Աշակերտական Անմոռանալի ճամբորդութիւն դէպի Հայաստան

Աշակերտական Անմոռանալի ճամբորդութիւն դէպի Հայաստան

Աշակերտական Անմոռանալի ճամբորդութիւն դէպի Հայաստան

Պէթթի Փանոսեան

Շարունակելով տասնեակ տարիներու աւանդութիւնը, այս տարի եւս Յուլիս ամսուայ ընթացքին Թորոնթոյի «Բարեւ» Կեդրոնի Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ Վարժարանի 22 շրջանաւարտներ մեկնեցան Հայաստան անմիջականօրէն իւրացնելու իրենց սորվածները եւ վայելելու մեր Հայրենիքի հոգեւոր ու աշխարհիկ անթիւ բարիքները:

14 օրերու այցելութեան ծրագիրը ճոխ էր ու բազմազան։ Հաճելիին հետ միատեղ, ծրագիրը կը նպատակադրէր առաւելագոյն չափով ծանօթացնել Հայրենքը, ոչ միայն որպէս դասագիրքերու մէջ յիշուող վայր, այլ՝ որպէս շօշափելի եւ հասանելի իրականութիւն՝ անոր մշակութային, կրթական ու ընկերային կեանքին ընդմէջէն։

Պատանիներուն համար անցեալը այսօրուան կապող տեսանելի օղակներ դարձան թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ ազգային լիցք հաղորդող սրբատեղիներ՝ Հայոց Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոն Սուրբ Էջմիածինը, Հայոց քրիստոնէութեան դարձի խորհրդանիշ՝ Խոր Վիրապը, հայկական ճարտարապետութեան գոհարներ համարուող՝ Հռիփսիմէ եկեղեցին ու Զուարթնոց տաճարը, իրենց խորիմաստ կառոյցներուն մէջ մեր պատմութեան ազգային յիշողութիւնները ապրեցնող Սարդարապատն ու Ծիծեռնակաբերդը, Հայու հանճարեղ մտքի գանձարան՝ Մատենադարանը, ինչպէս նաեւ՝ աշխարհին նոր խօսք ու ոճ ներկայացնող Աւետիք Իսահակեանի եւ Փարաճանովի  թանգարաններն ու յիշարժան այլ վայրեր։

Մասնակիցները, մեծ մասամբ Արեւմուտքի մէջ ծնած ու հասակ առած պատանիներ, թերեւս առաջին անգամ ըլլալով  իրենց մորթին վրայ կը զգային լաւաշ-հաց խմորին փափկութիւնն ու թարմութիւնը, որ քիչ անց իրենց աչքերուն առաջ թոնիրին մէջ պիտի եփուէր ամենանախնական ձեւով։ Անոնց համար եզակի եւ հաճելի փորձառութիւն էր իրենց ձեռքերով քաղել հիւթալի ծիրանն ու կեռասը, խնձորն ու սալորը, բայց մանաւանդ՝ Վարդավառի խանդավառ ու ամբողջ օր մը տեւող տօնախմբութեան մասնակցութիւնը։

Երեւանի թիւ 44 դպրոցի իրենց ընկերակիցներուն հետ Armenian Tree Project-ի աշխատանքներուն մասնակցելով, անոնք տասնեակ ծառեր տնկեցին հայրենի հողին մէջ, գործնական տեղեկութիւններ ստանալով Հայաստանի բնութեան, ինչպէս նաեւ՝ անոր բուսական եւ կենդանական աշխարհի մասին։ Նաւապտոյտ ունեցան Սեւանայ Լիճին վրայ, այցելեցին Գառնի ու Գեղարդ, որոնց մասին Շաբաթօրեայէն ներս այնքան շատ բան սորված էին։ Օշական այցելելով իրենց յարգանքը մատուցեցին Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին։ Ներկայ գտնուելով Հայաստանի Պարի Պետական Անսամպլի համերգին, վայելցին կատարելութեան հասած հայ պարարուեստի բարձրորակ կատարումները:

Պտոյտներու կողքին, 5 օրերու տեւողութեամբ Նորագոյն Թէքնոլոճիներու ԹՈՒՄՕ կեդրոնի Ամառնային Ճամբարին մէջ պատանիները մասնակցեցան աշխատանքային զանազան ծրագիրներու (workshop), ընտրելով արհեստագիտական (technology) նախասիրած իրենց թեման (robotics, film making, photography, animation, game development, music and drawing)։ Թումոյի յարկին տակ, պատանիները հանդիպելով ու գործակցելով տարբեր երկիրներէ ժամանած իրենց հասակակիցներուն, հաստատեցին մտերմիկ ու մնայուն ընկերութիւններ։ Վերջին օրը անոնք ներկայացուցին հինգ օրերու ընթացքին իրենց կատարած աշխատանքներու արդիւնքները։

Իւրաքանչիւր օրուայ վերջը, պատանիներու նախասիրած հաւաքավայրերէն էին Կասկատն ու Հանրապետութեան Հրապարակի պարող շատրուանները, ուր աշխարհի չորս կողմերէն հաւաքուած հայ եւ օտար զբօսաշրջիկներով շրջապատուած՝ անոնք ապրեցան իրենց պատանեկութեան ամենահաճելի օրերը։

Աշակերտները Թորոնթօ վերադարձան իրենց յետ բերելով Հայրենիքի մէջ ապրած անկրկնելի պահերու յիշողութիւնն ու յիշատակը։

 

 

Donate